2009-01-21 13:43:57

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ` կաթողիկէներ, մեթոտականներ եւ աւետարանականներ միասնաբար կ՛աղօթեն Ապիճանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։


Ոսկրէ Ափունքի մէջ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը սկսաւ Ս. Պատարագով, ուր կաթողիկէներ, մեթոտականներ եւ աւետարանականները միատեղ աղօթեցին Ապիճանի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Բողոքական եկեղեցիներու բազմաթիւ վերապատուելիներ ու հովիւներ Ապիճանի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցին կաթողիկէ պատասխանատուներուն հետ։ Պատարագիչ վարդապետը ողջունեց աղօթքի հաւաքը, մատնանշելով թէ բոլոր եկեղեցիներու միատեղ աղօթելը նոր սլացք մը կու տայ համամիութեան շարժումին եւ լրիւ կը համապատասխանէ Քրիստոսի աղօթքին. թող ամէնքը մէկ ըլլան։ Ապա պատարագիչը յարեց . ‘’Ոսկրէ Ափունքի բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են աղօթելու եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր եւ ուրիշի հանդէպ վերապահ ըլլալու փոխարէն աշխատինք սիրով ու յարգանքով վարուիլ եւ բոլոր քրիստոնեաները նկատել որպէս եղբայրներ’’։

Յայտնենք թէ Ոսկրէ Ափունքի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ յանձնախումբը յայտագիր մը պատրաստած է որ կը նախատեսէ ի մէջ այլոց քոյր եկեղեցիներու այցելութիւն, աւետարանական երեկոյ, խաղեր եւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ փակում Ապիճանի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.